Անթալիոյ մէջ կայացող դիւանագիտական ֆորումի շրջածիրէն ներս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման քննարկուած է նաեւ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է «Անատոլու»-ն՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հաղորդագրութիւնը։
«Նախագահ Էրտողանը նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը գոհացուցիչ է։
Նախագահը նշած է, որ Թուրքիան կ՚ուզէ Ատրպէյճանը տեսնել որպէս Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ճարտարապետ, եւ որ Անգարան նոյնպէս զգուշօրէն կը շարունակէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նաեւ նշուած է, որ երկու նախագահներու քննարկման ընթացքին ընդգծուած է, որ Անգարան եւ Պաքուն պիտի շարունակեն քայլեր ձեռնարկել տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման համար։
Հաղորդուած է նաեւ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի երկկողմ յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցեր։