image

Երկրաշարժ Իրանի մէջ․ այն զգացուած է նաեւ Սիւնիքի մարզի մէջ

Երկրաշարժ Իրանի մէջ․ այն զգացուած է նաեւ Սիւնիքի մարզի մէջ

Դեկտեմբեր 23-ին`տեղական ժամանակով ժամը 06:27-ին (Կրինվիչի ժամանակով ժամը 02:27-ին) ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 38.36⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 46.41⁰ աշխարհագրական չափագրումներով Իրան՝ Թաւրիզ քաղաքէն 33 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 4․6 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:

Կեդրոնական գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6 բալ:

Երկրաշարժը զգացուած է Սիւնիքի մարզի շարք մը բնակավայրերու մէջ՝ 2-3 բալ ուժգնութեամբ։