Թայուանի մէջ վերջին 25 տարուան ընթացքին ամենահզօր երկրաշարժը տեղի ունեցած է, հաղորդած է Reuters-ը:
Իշխանութիւններու տուեալներով` 9 մարդ մահացած է երկրաշարժի հետեւանքով, աւելի քան 821-ը վիրաւորում ստացած է: Կայ նաեւ 50 անհետ կորսուած։
Ցնցումներու կեդրոնական գօտին` 7.2 ուժգնութեամբ, եղած է կղզիի արեւելեան քիչ բնակեցուած հատուածին մէջ:
Փլուզած է առնուազն 26 շինութիւն, կ՚ընթանան փրկարարական աշխատանքներ: