image

Երկրաշարժ` Հայաստան-Վրաստան սահմանին, զգացուած է Լոռիի մարզին մէջ

Երկրաշարժ` Հայաստան-Վրաստան սահմանին, զգացուած է Լոռիի մարզին մէջ

Յունուար 3-ի լոյս 4-ի գիշերը`տեղական ժամանակով ժամը 03:40-ին, ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Երկրաշարժի պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէն գրանցուած է երկրաշարժ` Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտի՝ Տաշիր քաղաքէն 8 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 3․3 ուժգնութեամբ:

Կեդրոնական գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 4-5 բալ:

Երկրաշարժը զգացուած է Լոռիի մարզի Սարչապետ, Նորաշէն, Ձորամուտ, Մեծաւան, Սարատովկա գիւղերուն մէջ եւ Տաշիր քաղաքին մէջ՝ 3 բալ ուժգնութեամբ։