image

Իսրայէլը պաշտպանական պատերազմ կը վարէ՝ վերացնելու «Համաս»ը եւ վերադարձնելու գերիները. Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Իսրայէլը պաշտպանական պատերազմ կը վարէ՝ վերացնելու «Համաս»ը եւ վերադարձնելու գերիները. Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Իսրայէլ արձագանգած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման, որու համաձայն՝ Թել Աւիւ պարտաւոր է դադրեցնել Ռաֆահի  վրայ յարձակումները եւ ցանկացած այլ գործողութիւն, որ կրնան բացասաբար անդրադառնալ քաղաքի բնակչութեան վրայ: Դատարանը նաեւ պարտաւորեցուցած է Իսրայէլը՝ բաց պահել Ռաֆահի անցակէտը եւ ապահովել անարգել մուտքը փաստահաւաք առաքելութիւններուն Կազայի հատուած:

Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, պնդած, որ ցեղասպանութեան համար Թել Աւիւին ներկայացուող մեղադրանքները կեղծ են եւ նողկալի: Ըստ հրապարակման՝ իսրայէլեան ուժերը պաշտպանական պատերազմ կը վարեն՝ վերացնելու «Համաս»-ը եւ վերադարձնելու Կազայի մէջ պահուող գերիները: «Իսրայէլ կը գործէ միջազգային իրաւունքին համապատասխան»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Կառոյցները կը վստահեցնեն, որ Ռաֆահի տարածքին մէջ չեն իրականացներ այնպիսի գործողութիւններ, որոնք կրնան յանգեցնել Կազայի հատուածի բնակչութեան ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման: Ըստ յայտարարութեան՝ իսրայէլեան կողմը բաց կը պահէ Ռաֆահի անցակէտը մարդասիրական մատակարարումներու համար եւ թոյլ չի տար ահաբեկչական խումբերուն վերահսկել այն:

Մինչդեռ Կազայի հատուածին մէջ եւ, մասնաւորապէս, Եգիպտոսի հետ սահմանին գտնուող Ռաֆահ քաղաքի մէջ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, խաղաղ բնակչութեան զոհերու թիւը կը հասնի 36000-ի, վիրաւորներունը՝ կ'անցնի 80000-ը: