Երեւանի քաղաքապետը պիտի ընտրուի աւագանիի կողմէ

Երեւանի քաղաքապետը պիտի ընտրուի  աւագանիի կողմէ

Եթէ առաջնորդուելու ըլլանք նախնական արդիւնքներով, ապա աւագանիի առաջին նիստը տեղի կ'ունենայ 10 հոկտեմբերին։ Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցին յայտնած է սահմանադրական իրաւունքի գծով փորձագէտ Գոհար Մելոյեանը։

«Ձեւաւորւում է քաղաքի աւագանի, եւ արդէն աւագանու կազմից ընտրւում է Երեւանի քաղաքապետը։ Աւագանին ունի 65 մանդատ, որոնք կը բաշխուեն։ Առաջին նիստի ժամանակ էլ կ'ընտրուի քաղաքապետը»,- ընդգծած է ան։

Մելոյեանն աւելացուցած է, որ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ներկայացուցած է նախնական արդիւնքները, հետեւաբար հնարաւոր են բողոքարկումներ, որոշ անճշտութիւններ։

«Բայց, որպէս կանոն, դրանք էական ազդեցութիւն արդիւնքների վրայ չեն ունենում»,- պարզաբանած է փորձագէտը։