Քաղաքացիական պայմանագիրը 4000 դրամով կը հաւաքագրէ մարդիկ, որոնք չորս ժամ կը մասնակցին իշխող ուժի քարոզչութեան՝ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն։ Այդ մասին հաղորդած է «Ականատես» դիտորդական առաքելութիւնը՝ ներկայացնելով նամակագրութեան օրինակներ, թէ ինչպէս գովազդող ընկերութիւններէն մէկը քարոզչութեան ժամանակ քալելու համար կը հաւաքագրէ մարդիկ։
Նամակագրութեան մէջ այդ հաւանական կազմակերպողներէն մէկը նաեւ կոչ ըրած է հագնելու սպիտակ վերնազգեստ (ՔՊ քարոզարշաւին մէջ ներգրաուած անձինք այսպէս կը հագնին), իսկ տեղաշարժի մեկնակէտը, ըստ նամակագրութեան, եղած է Երեւանի Սայաթ-Նովա 40 հասցէն։ Սա «Քաղաքացիական պայմանագրի» գրասենեակի հասցէն է։
«Մասնակից աղջիկներին մէկ ժամուայ համար վճարւում է 1000 դրամ փոխհատուցում։ Գումարները փոխանցւում են անկանխիկ՝ մասնակիցների բանկային (դրամտնային) քարտերին փոխանցման միջոցով»,- նշուած է դիտորդական առաքելութեան հաղորդագրութեան մէջ։ Հաւաքագրումներն իրականացուած են դիմատետրեան Promo and More խումբի միջոցով։ Մէկ այլ՝ City Promotion գործակալութիւնն այստեղ կը հաւաքագրէ մասնակիցներ՝ քարոզչական տարբեր միջոցառումներուն թռուցիկներու բաժանման, դրօշակներու ծածանման համար։
««Ականատես»-ը հաղորդում է ներկայացրել ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն՝ պարզելու՝ արդեօք վերը նշուած գործողութիւններն ունեն ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 236-րդ յօդուածով սահմանուած՝ քայլերթերին մասնակցելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռելու յանցակազմի տարրեր»,- յայտարարած է դիտորդական առաքելութիւնը։