Ազգային Գրադարանէն ներս, օրերս, բացուած է բանաստեղծ, արձակագիր, մշակութաբան Կոստան Զարեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ուշագրաւ ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են գրողի՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով աւելի քան 50 գիրք, լուսանկար, արխիւային փաստաթուղթ եւ այլ նիւթեր։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Փետրուար 10-ին, Ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուած է բանաստեղծ, արձակագիր, մշակութաբան Կոստան Զարեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ուշագրաւ ցուցահանդէսին։
Ներկայացուած են գրողի՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով աւելի քան 50 գիրք, լուսանկար, արխիւային փաստաթուղթ եւ այլ նիւթեր։ Առաջին անգամ հանրութեան կը ներկայացուի Կոստան Զարեանի ծննդեան վկայաթուղթը, որ կը հաստատէ, թէ գրողը ծնած է 1885 Փետրուար 8-ին։ Ցուցադրուած նիւթերուն մաս կը կազմեն 1926 Հոկտեմբեր 20-ին Նետերլանտներու մէջ իր կարդացած հրապարակային դասախօսութիւններէն մէկուն տպաւորիչ ազդագիրը եւ բանաստեղծին քանի մը ձեռագրերը։
Ցուցահանդէսի բացումէն ետք, գրադարանի սրահներէն մէկուն մէջ, գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան շուրջ երկու ժամ դասախօսած է Կոստան Զարեանի կեանքին ու գրականութեան մասին։