29 Դեկտեմբերին, «Զանգակ» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու Աբրահամ Գասպարեանի «Մուխապարաթ». Սուրիոյ անվտանգութեան ալաուիական բանաձեւը» գիրքին շնորհահանդէսը։
Գասպարեանի աշխատութեան մէջ վերլուծութեան կ'ենթարկուին յետանկախական Սուրիոյ ռազմաքաղաքական, հետախուզական ու անվտանգային որոշումներու ընդունման հիմնարկներու գործունէութիւնը, կուսակցապետութեան քաղաքական ազդեցութեան շերտերը, անվտանգային համակարգի կառուցուածքը, գործառութային դերաբաշխումը, դաւանաբանական-արժէքաբանական առանձնայատկութիւնները, իրաւաքաղաքական խորքային հիմնախնդիրները, ռազմաքաղաքացիական յարաբերութիւններու մակարդակներն ու հիմնախնդիրները, յետհակամարտային Սուրիոյ անվտանգային ճարտարապետութեան մեխանիզմները:
Աբրահամ Գասպարեան նշեց, որ այս աշխատութիւնը իր նախորդ գիրքին տրամաբանական շարունակութիւնն է։
«Սուրիան մերձաւոր երկիր է, որ մենք երբեք չենք ճանչցած։ Սուրիոյ ներքաղաքական համակարգի, ռազմաքաղաքացիական յարաբերութիւններու, անվտանգային-հետախուզական կառոյցներու վերաբերեալ համարձակ աշխատութիւններու շատ քիչ հանդիպած եմ։ Այս աշխատութեան մէջ, մասնաւորապէս, Սուրիոյ՝ 2010-2011 թուականներուն «Արաբական գարուն» անուանումը ստացած երեւոյթէն յետոյի մասին է։ Գիրքին մէջ Սուրիան դիտարկուած է ներսէն. կը ներկայացնէ մարդը, որ 25-26 տարի խորապէս իմացած է այդ երկրի անվտանգային-հետախուզական համակարգի շատ հետաքրքրական նրբութիւններ, որոնց մասին, գուցէ, հայկական արաբագիտական դպրոցը համարձակութիւն չէ ունեցած ամբողջապէս խօսելու», ներկայացուց աշխատութեան հեղինակը։
Ան նաեւ զուգահեռներ գծեց ՀՀ-ի ու Սուրիոյ մէջ տարբեր տարիներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն միջեւ՝ ընդգծելով․«Եթէ մենք չենք ճանչնար Սուրիան, չենք կրնար պատասխաններ գտնել նաեւ 2018 թուականի եւ անոր նախատիպ 2008 թուականի այն իրադարձութիւններուն մասին, որոնք մասնագիտական գրականութեան մէջ ընդունուած է անուանել «գունաւոր յեղափոխութիւններ»։ 2018-ին ՀՀ-ի մէջ տեղի ունեցածին նախատիպը 2000-2001 թուականին տեղի ունեցած է Սուրիոյ մէջ, չէ յաջողած, ձախողած է», ըսաւ Գասպարեան։
Գիրքի շնորհահանդէսը ուղեկցուեցաւ տարբեր փորձագէտներու քննարկմամբ, որոնք անդրադարձան աշխատութեան արդիականութեան ու անոր մէջ առկայ որոշ դրուագներու։
Արաբագէտ Արմէն Պետրոսեան կարեւորեց աշխատութեան ընձեռած հնարաւորութիւնը՝ աւելի մանրակրկտօրէն ծանօթանալ Սուրիոյ։ Անոր խօսքով ՝ 2000-ականներուն, երբ ուսանողի կարգավիճակով ուսումնասիրած են արաբական երկիրներու պատմութիւնը, բախած են շատ լուրջ խնդիրի՝ խիստ սահմանափակ, գրաքննուած պատմութիւն, առարկայականօրէն չեն կրցած ծանօթանալ Սուրիա պետութեան, կառավարման ու անվտանգային համակարգերուն։
«Արաբական երկու տասնեակէ աւելի պետութիւններէն իւրաքանչիւրը իւրօրինակ անվտանգային համակարգ ունի, որոնց ուսումնասիրութիւնը մեզի համար օրակարգային խնդիր է, յատկապէս այն պետութիւններունը, որոնց հետ կը ծրագրենք աւելի սերտ յարաբերութիւններ ունենալ», նշեց արաբագէտը։
Քաղաքագէտ Արմէն Մինասեանի դիտարկմամբ ալ՝ Սուրիան բաւականին նմանութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ։ «Սուրիան առարկայ է, որուն կարելի է ծանօթանալ. ոսպնեակ է, որով կարելի է դիտել մերձաւորարեւելեան գործընթացները։ Կը թուի, թէ մենք կը ճանչնանք Սուրիան, բայց իրականին մէջ, երբ ինքս ընթերցեցի, հասկցայ, որ գրեթէ ոչինչ գիտեմ։ Այդ պետութիւնը ուսումնասիրելով՝ հնարաւոր է ճանչնալ մեր հակառակորդ երկրի՝ Ատրպէյճանի ուժեղ եւ խոցելի կողմերը», ըսաւ Մինասեան։
Թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեանի կարծիքով ալ՝ սուրիական անվտանգային համակարգի ուսումնասիրութիւնն ու իմացութիւնը ունի ոչ միայն կարեւոր գիտական, այլեւ քաղաքական ու գիտագործնական նշանակութիւն։ «Թեման շատ նուրբ է, աշխատանքը շատ յաջող է», նշեց Մելքոնեան: