image

Երեւանի մէջ. Կրակոցներ եւ վիրաւոր

Երեւանի մէջ. Կրակոցներ եւ վիրաւոր

17 Յունուարին, կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ։ Այս մասին յայտնած է shamshyan.com-ը:

Ժամը 20։30-ի սահմաններուն Հերացիի անուան թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոցէն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան օպերատիւ կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ որովայնի առաջային պատի շրջանին առկայ հրազէնային վնասուածքով իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը։

Իրաւապահները պարզած են, որ վիրաւորը Երեւանի բնակիչ՝ 28-ամեայ Արեգ Կարինեանն է։ Ան հրազէնային վնասուածքը ստացած է Թումանեան 27 շէնքի բակին մէջ դեռ չճշդուած անձի կողմէ արձակուած կրակոցներու հետեւանքով։

Դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած է դեռ չճշդուած ատրճանակէ կրակուած 2 պարկուճ, 3 գնդակ, ինչպէս նաեւ բակին մէջ կայանուած Toyota մակնիշի մեքենայ, որու վրայ առկայ կրակոցի հետք։

Դէպքի փաստով քննչական բաժնին մէջ սպանութեան փորձ յատկանիշներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։