image

Երեւանի մէջ եղանակը կը ցրտի

Երեւանի մէջ եղանակը կը ցրտի

Հայաստանի տարածքին 26 Սեպտեմբերի ցերեկը, 27-28-ը, 29-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ, 29 Սեպտեմբերի ցերեկը, 30-ին առանձին շրջաններու մէջ, 1 Հոկտեմբերին շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի անձրեւ:

Քամին պիտի ըլլայ հարաւ-արեւմտեան՝ 5-10 մ/վ արագութեամբ, առանձին վայրերու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ մինչեւ 15-20 մ/վ արագութիւն:

Օդի ջերմաստիճանը լոյս 27-ի գիշերը պիտի նուազի եւս 3-4 աստիճանով:

Երեւան քաղաքին մէջ 26 Սեպտեմբերի ցերեկը, 27-30-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: 1 Հոկտեմբերին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի անձրեւ: