image

Երեւանի մէջ 20-ամեայ աղջիկը ինքզինք 3-րդ յարկէն վար նետած է. Բժիշկները կը պայքարին անոր կեանքին համար

Երեւանի մէջ 20-ամեայ  աղջիկը ինքզինք 3-րդ յարկէն   վար նետած է. Բժիշկները կը պայքարին անոր կեանքին համար

Երեւանի մէջ, այսօր՝ Յունուար 21-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 09:00–ի սահմաններուն ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Մամիկոնեանց 38/3 շէնքի բակին մէջ քաղաքային մը ինկած է:

Երեւանի 103 շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը վիրաւորը ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ տեղափոխած է թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց:

Արաբկիրի ոստիկաններն ու Երեւանի գունդի պարեկները պարզած են, որ հիւանդանոց տեղափոխուածը  նշուած շէնքին մէջ վարձակալական հիմունքներով բնակող,  20-ամեայ Ինգա Ա.-ն է, որու կեանքին համար հիւանդանոցին մէջ բժիշկները կը պայքարին:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ վերջինս 3-րդ յարկի պատուհանէն իրեն վար նետած է:

Փաստի առթիւ Արաբկիրի քննչական բաժնին մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին: