Երեւանի մէջ, այսօր՝ Յունուար 21-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 09:00–ի սահմաններուն ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Մամիկոնեանց 38/3 շէնքի բակին մէջ քաղաքային մը ինկած է:
Երեւանի 103 շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը վիրաւորը ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ տեղափոխած է թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց:
Արաբկիրի ոստիկաններն ու Երեւանի գունդի պարեկները պարզած են, որ հիւանդանոց տեղափոխուածը նշուած շէնքին մէջ վարձակալական հիմունքներով բնակող, 20-ամեայ Ինգա Ա.-ն է, որու կեանքին համար հիւանդանոցին մէջ բժիշկները կը պայքարին:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ վերջինս 3-րդ յարկի պատուհանէն իրեն վար նետած է:
Փաստի առթիւ Արաբկիրի քննչական բաժնին մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին: