Հայաստանի համար կրնայ ընդունելի ըլլալ սահմանազատման հարցը խաղաղութեան գործընթացէն տարանջատելու տարբերակը։ Այդ մասին դեկտեմբեր 22-ին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի յայտարարութեան։
«Սահմանազատման եւ սահմանագծման պրոցեսը կարող է շատ երկար տեւել: Չեմ բացառում, որ նման տարբերակը (սահմանազատման հարցը խաղաղութեան գործընթացից առանձնացնելու –խմբ․) կարող է Հայաստանի համար ընդունելի լինել»,- նշած է Սիմոնեանը։
Աւելի վաղ՝ դեկտեմբեր 19-ին, Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը յայտարարած էր, որ «սահմաններու որոշման հարցը կրնայ լուծուիլ առանձին»։
«Ատրպէյճանը մեծ խոչընդոտներ չի տեսներ հարեւան Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար եւ կը կարծէ՝ սահմաններու որոշման հարցը կրնայ լուծուիլ առանձին։ Հիմա Ատրպէյճանի ռազմավարութիւնը խաղաղութեան հասնիլն է, որ կը պահանջէ գործողութիւն երկու կողմերէն», –ըսած է ան։