Երեւանի մէջ ընտրողը հարսանիքէն առաջ հարսի հագուստով քուէարկութեան եկած էր: ՀՀ-ի մէջ Ռուսաստանի դեսպանատան մէջ տեղակայուած թիւ 8026 ընտրական տեղամաս անոր մուտքը մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուցած է:
«Շատ կարեւոր օր է Ռուսաստանի համար: Ես պսակադրուելէ առաջ եկած եմ ընտրութեան, հայրիկիս հետ եկեղեցի պիտի երթանք»,-«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ լրագրողներուն պատմած է հարսնցուն՝ Արուսեակ Օլքինեանը:
Հայաստանի երկու քաղաքներուն՝ Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ բացուած են ընտրատեղամասեր, ուր ՀՀ-ի մէջ գտնուող Ռուսաստանի քաղաքացիները կատարած են իրենց քաղաքացիական պարտքը: Ընտրութեան եկած են ինչպէս ՀՀ-ի մէջ բնակող ռուսեր, այդ շարքին` դիւանագիտական ներկայացուցչութեան անդամներ, զինծառայողներ, ինչպէս նաեւ ռուս զբօսաշրջիկներ, որոնց այցը Հայաստան համընկած է քուէարկութեան օրուան հետ: Քուէարկութեան մասնակիցներուն շարքին նաեւ եղած են Ռուսաստանի քաղաքացի հայերը, որոնք նոյնիսկ հեռու բնակավայրերէն` Սիւնիքի, Վայոց ձորի մարզերէն եկած են` օգտագործելու ձայնի իրենց իրաւունքը: