Յանկարծամահ եղած է կինոօպերատոր, Հայաստանի կինոգործիչներու միութեան անդամ, , բազմաթիւ սիրված ու ճանչցուած ֆիլմերու նկարահանող Արտավազդ (Արտօ) Խաչատուրեանը։ Տեղեկութիւնը փոխանցուած է Հայաստանի կինոգործիչներու միութեան էջէն։
«Անհաւատալի է, անիրական։
Արտոյի կորուստը մեծ ցաւ պատճառող կորուստ մըն է՝ մշակութային կորուստ, լաւ մարդու, լաւ ընկերոջ, լաւ գործակիցի կորուստ։
Արտոն դեռ 62 տարեկան էր եւ շատ ընելիքներ ունէր թէ՛ արուեստի մէջ եւ թէ՛ իր ընտանիքին ու մերձաւորներուն համար։
Ցաւակցութիւն կը յայտնենք մեր սիրելի գործակցի ընտանիքի անդամներուն, մերձաւորներուն, հարազատներուն, կինոհանրութեան եւ արուեստի գործիչներուն»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։