image

«Էրէբունի- Երեւան». Այս տարուան տօնակատարութիւնը պիտի ըլլայ ամէնէն համեստը

«Էրէբունի- Երեւան». Այս տարուան  տօնակատարութիւնը պիտի ըլլայ  ամէնէն համեստը

«Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնը այս տարի աւելի համեստ կ′ըլլայ, քաղաքապետարանը Երեւանի 2798-րդ տարեդարձը նշելու համար կը ծախսէ նախորդ տարուան համեմատութեամբ կրկնակի քիչ՝ 65 միլիոն դրամ: Այս մասին խօսած է Երեւանի փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեանը նշելով, որ տօնակատարութեան համար ելեւմուտը, ինչպէս նախորդ տարի, նախատեսուած էր 130 միլիոն դրամ, բայց ապրիլեան պատերազմը փոխած է իրավիճակը:

«Կրճատուածը արդէն ուղղուած է ինչպէս հաշմանդամ, այնպես ալ վիրաւորուած ազատամարտիկներու, մեր զինուորներու ընտանիքներուն, ընկերային օգնութիւն յատկացուած է: Դուք գիտէք, որ ապրիլեան դէպքերու հետ կապուած՝ չորս զոհուածներու ընտանիքներուն բնակարաններ նուիրուած են, այսինքն՝ այս նոյնպէս ընկերային օժանդակութիւն է․ այս չի մտնէր այս ելեւմուտի մէջ, բայց որպէս երեւոյթ՝ ինքը իսկապէս արտառոց երեւոյթ էր»,- ըսաւ փոխքաղաքապետը:

Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու, այս անգամ միջոցառումները երկուքի փոխարէն, միայն մէկ օր՝ հոկտեմբեր 8-ին է: Տօնակատարութեան ելեւմուտի կրճատման համար, ըստ փոխքաղաքապետի, որոշում կայացուած է չանցընել ամենածախսատար երեք միջոցառումները:

«Տեղի պիտի չ′ունենան սովորաբար տեղի ունեցող՝ Հանրապետութեան հրապարակի ամենածախսատար միջոցառում համարուող կալա համերգը, քաղաքապետարանի դիմացէն մեկնարկող շքերթը, որ Ամիրեան փողոցէն կ′երթար դէպի Հանրապետութեան հրապարակ, ուր փոքրիկ միջոցառում տեղի կ′ունենար նաեւ՝ կէսօրին, մինչ երեկոյան մեծ կալա համերգը, ինչպէս նաեւ այստեղ՝ Արգիշտի փողոցին մէջ տեղի ունեցող, քաղաքապետարանի դիմաց տեղի ունեցող ծաւալուն միջոցառումը, որ նոյնպէս ծախսատար միջոցառում կը ներկայացնէր»,- յայտնեց Արամ Սուքիասեանը:

Այս տարի աւելի քիչ թիւով փողոցներ փակ կ′ըլլան, հոկտեմբեր 8-ին, երթեւեկութիւնը կը դադրեցուի միայն Աբովեան եւ «Էրեբունի» թանգարանին յարակից Էրեբունի փողոցներուն մէջ: Այսուհանդերձ, քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներու հաւաստմամբ, ամենամեայ ընկերային ծրագրերը չեն կրճատուած․ կը նախատեսուի աջակցութիւն ցուցաբերել 2798 ընտանիքներու, նաեւ ծերերու, իսկ զինծառայողներու ծնողներուն կրկին հնարաւորութիւն կը տրուի այցելել զօրամասեր: