13 դեկտեմբեր, 2024-ին DoubleTree by Hilton հիւրանոցին մէջ կայացած Կորպորատիւ սոցիալական պատասխանատւութեան (CSR- Corporate Social Responsibility) առաջին «Նուիրում» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Ռալֆ Եիրիկեան արժանացած է «Կորպորատիւ սոցիալական պատասխանատւութեան (CSR) ոլորտի տարուան առաջնորդ» գլխաւոր մրցանակին։
Մրցանակաբաշխութիւնը կազմակերպուած էր Այ.Սի.Սի. Armenia-ի (ICC Armenia) կողմէ՝ Միջազգային Առեւտուրի Պալատի (www.iccwbo.org) աջակցութեամբ։
Միջոցառման նպատակն էր ճանչնալ եւ գնահատել հայկական եւ միջազգային ձեռնարկատիրական ընկերութիւններու ներդրումը շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, ընկերային աջակցութեան եւ պատշաճ համագործակցական կառավարման ոլորտներուն մէջ։
Մրցանակները յանձնեցին Միջազգային առեւտրական պալատի համաշխարհային կոմիտէի անդամ եւ Այ.Սի.Սի. Armenia-ի հիմնադիր, ընդհանուր քարտուղար Ռաֆֆի Սեմերճեան եւ Այ. Սի. Սի. Armenia-ի Գործադիր Խորհուրդի փոխնախագահ եւ «Կորպորատիւ Կենսակայունութիւն» յանձնաժողովի նախագահ Իրինա Փահլեւանեան։
Ռալֆ Եիրիկեան այս մրցանակին արժանացած էր յատկապէս հայաստանի մէջ Կորպորատիւ սոցիալական պատասխանատւութեան գաղափարի զարգացման մէջ իր ունեցած վաստակին համար։
Մրցանակաբաշխութեան յաղթողները որոշուած են հեղինակաւոր եւ անկախ ժիւրիի կողմէ, որու կազմին մէջ ընդգրկուած էին՝ ՀՀ-ի մէջ Պելժիոյ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էրիք տե Միւնք, Սան Խոսէի պետական համալսարանի 30-րդ (նախկին) նախագահ, Համալսարաններու եւ քոլեճներու կառավարման խորհուրդներու գործադիր փոխնախագահ Մերի Փափազեան, Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանի տնօրէն Սալվա Նաքուզին, ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեան եւ Հիմնադրամներու խորհրդական (Գիտական նորարարութեան եւ կրթութեան կեդրոն հիմնադրամ) Ռաֆֆի Պաղճեան։
«Նուիրում 2024» մրցանակաբաշխութեան միւս անուանակարգերուն յաղթող ճանչցուած են «Կրանթ Թորնթօն» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը «Տարուան Փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրական ընկերութիւն» անուանակարգին մէջ, իսկ «Կորպորատիւ սոցիալական պատասխանատւութեան (CSR) ոլորտի տարուան խոշոր ընկերութիւն» անուանակարգին մէջ՝ Արարատ դրամատունը։
Հայաստանի մէջ առաջին «Նուիրում» Կորպորատիւ սոցիալական պատասխանատւութիւն (CSR) մրցանակաբաշխութեան Գլխաւոր Հովանաւոր հանդիսացած է Գրանտ Մասթըրը (Grand Master), որու կայունութեան, նորարարութեան եւ ընկերային ազդեցութեան նկատմամբ նուիրուածութիւնը լիովին համահունչ է միջոցառման արժէքներուն: