image

Երբ զգաստութեան կանչերը կը հնչեն. Գրեց՝ Պարոյր Յ.Աղպաշեան

Երբ զգաստութեան կանչերը կը հնչեն. Գրեց՝ Պարոյր Յ.Աղպաշեան

Երբ Զգաստութեան Կանչերը Կը Հնչեն, անդին՝

● ՊԱՐԱՔԸ՝ «ԿԸ ԿԱՐԱԳԷ»

● ԻՍՐԱՅԷԼԸ՝ ԿԸ ԹՄԲԿԱՀԱՐԷ

● ԼԻԲԱՆԱՆԸ՝ ՊԷՏՔ ՉԷ ՏՆՏՆԱՅ

Ոչ միայն յայտնի է, այլեւ հաստատուած է, որ աշխարհը գլխիվայր շրջուած է, իր պետութիւններով եւ երկիրներով, ժողովուրդներով ու ցամաքամասերով, ուր ոչ տէրը, ոչ ալ ծառան զիրար կը ճանչնան, ոչ մէկը միւսը կը յարգէ, ոչ մէկը կը համեստանայ, ընդհակառակը, կը բրտանայ, իսկ այս խառնաճաղանչին մէջ մարդ արարածը, իր կեանքով ու կենցաղով, իր առօրեայով եւ ասպարէզով կամ իր շնորհներով ու բարեկրթութեամբ, ինչպէ՞ս կրնայ տոկալ, դիմանալ ու գոյատեւել։

Հաշտութիւններու, համաձայնութիւններու, յարաբերութիւններու ու խաղաղութիւններու մասին կը խօսուի (աւելի ճիշդ՝ կը բարբաջուի), բայց, արդեօք ո՞ւր կը ծախուին անոնք, ո՞ր շուկային մէջ կը գտնուին կամ ի՞նչ չափանիշներով եւ արդիւնաւէտութեամբ կ’արժեւորուին։

Միթէ նման խաբկանքներով եւ երազանքներով ապրողներ ու սնուցուողներ, կը հաւատա՞ն իրենց տեսածին կամ զգացածին, երբ ամէն օր եւ ամէն ժամ, միայն խաւար է ու փուճ, ուր նախնադարեան ու ցեղապաշտական մոլուցքներ ու մոլութիւններ կը տիրեն։

Եթէ այս տափակ եւ անհրապոյր իրականութիւնը, քիչ մը ամէն տեղ եւ քիչ մը շատ աւերներով ու հաշուեյարդարներով, անկումներով ու կաղացումներով կա՛յ, ապա, ինչպէ՞ս կ’ակնկալուի, որ՝ ամէն ինչ եւ երեւոյթ բարւօք ու գոհացուցիչ ընթացք մը կրնայ ունենալ, գէթ մարդկութեան «շունչ» տալու կարելիութեամբ։

Ամենէն ողբալին եւ աղէտալին այն երկիրները եւ ժողովուրդներն են, որոնք շղթայուած եւ օղակուած են, բռնացուած ու հալածուած, գերեվարուած ու ճնշուած, միշտ լուծին տակ մնալով անասնական եւ անմարդկայնական վարքագիծերու տէր շրջանակներու, բայց, ձեւացնելով որ իրենք «ախոյեան»ներն են ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան։ Ի՜նչ հեգնանք։

Տակաւին լսող կա՞յ այս եւ նմանատիպ յերիւրանքներու, կեղծախօսութիւններու եւ անշնորհքութիւններու, որոնք յարատեւօրէն կը հնչեն ու կը շրջին ամենուրէք, մինչ անոնց հեղինակները կը շարունակեն ու կը վերանորոգեն իրենց ձաբռտուքներն ու պոռոտախօսութիւնները, աւելի թշուառացնելով, խեղդելով եւ անճիտելով իրենց շրջապատի բնակիչները, ի գործ դնելով ամէն տեսակի այլանդակ միջոցներ։

***

Այս հաստատումներն ու վարկածները, ամենէն աւելի կը յարմարուին ու կը պատշաճին յատկապէս Լիբանանին, որ կը շարունակէ մնալ մահացու տիղմերու մէջ, միշտ սուզուելու կամ արմատախիլ ըլլալու հաւանականութեամբ։

Տխուր ու գայթակեցնող պատկերը աւելի քան փշաքաղիչ ու դատապարտելի է, պարզապէս անոր համար, որ այսպէս ըսած, Լիբանան-Իսրայէլ խաղաղութեան համաձայնագիր մը նետուեցաւ հրապարակ, շուտով վերածուելով «քուրջի կտոր»ի, որովհետեւ Իսրայէլը ոչ միայն չյարգեց զայն, այլ՝ անոր վարչապետը, իր կատղած ու փրփրած նկարագիրով, աւելի բռնկելի դարձուց իր «հիսթերիկ»ութիւնը, մերթ Կազան, մերթ Լիբանանը, իր մականին տակ պահելու յափշտակութեամբ։

Այսօր անցած են ամիսներ այդ «չհամաձայնագրէն», շարունակուելով նոյն սպանդները, ոճիրներն ու բռնութիւնները նոր թափ ու մղում կը ստանան առանց որ զսպուի Բենիամին-«գազան»ը, իսկ այն բանագնացները, որոնք պարտականութիւն ունէին կամ իրենց վստահուած էր «ձիւնհալ» մը առաջացնել, կամ համրի դերակատարութեան մէջ յայտնուած են կամ անպէտք են կամ ալ՝ լռելեայն, բայց, գործնապէս համաձայն են, որ նման վիշապ մը տակաւին ոտքի մնայ ու... չսանձուի։

Այս առիթով, չ’արժե՞ր հարց տալ, թէ լիբանանեան թղթածրարի պարագային, ամերիկացի բանագնաց Թոմ Պարաքը, որ սուրհանդակի նման երթեւեկեց Պէյրութի եւ Թել Աւիւի լայնքին եւ երկայնքին, ի՞նչ ըրաւ, ո՞ւր յաջողութիւն արձանագրեց եւ կրցա՞ւ «խօսք հասկցնել» Իսրայէլին, թէ՞ դարձաւ հլու-հնազանդ ունկնդիր մը կամ կողմնակից մը անոր։

Մինչ, Լիբանանի պարագային, զինք պահեցին յարգանքի ու պաշտօնականութեան մակարդակներուն վրայ, իսկ բանագնացները վայելեցին հիւրասիրութիւններ, բայց, նոյնհետայն, միշտ իրենց նիզակները ուղղեցին անոր, անդին, իրենց աչքին առջեւ եւ իրենց ականջին ետին, Իսրայէլ շարունակեց «մարդիկ հնձել», աւերներ գործել, առանց աջ-ձախ նայելու, առանց որ Պարաքը ծպտուն հանէ, յետոյ ալ՝ Լիբանանէն պահանջելով... զէնքերու հաւաքում, մոռնալով որ Իսրայէլն ալ պարտաւոր էր, առնուազն իր զօրքերը ընդհուպ հեռացնելու Լիբանանեան տարածքներէն։

Ըսուեցաւ թէ՝ Պարաքը լիբանանեան ծագում ունի։ Հիմա ի՞նչ, ուրախանանք այդ «գիւտ»ով, երբ անիկա տարրական դիւանագիտական պարկեշտութիւն չունեցաւ, Նաթանիահուի մը զգաստացնելու, բայց, «ծակ փիլիսոփայութիւններով», լիբանանցիներուն սկսաւ խելք տալ։

Թերեւս Պարաքը կարծեց, որ իր ԿԱՐԱԳավարութեամբ կրնայ խեղճացնել Լիբանանը ու զայն յանձնել թշնամիին, բայց, ո՜րքան միամիտ ու կողմնակալ է եղեր, իր ամերիկացիութեամբ եւ ո՜րքան հեռու իր... լիբանանցիութենէն, առանց որ դառնայ իսկական պարկեշտ բանագնացապատուիրակ մը։

Չենք գիտեր թէ Ամերիկայի յաւակնոտ ու պարծենկոտ նախագահ Տոլանտ Թրամփը ինչպէ՞ս գնահատեց բանագնաց Պարաքի... «կարագ»ութեան քաղաքականութիւնը, բայց, չենք կարծեր, որ այդ ձախաւերութեան մէջ, ան կրնար յաջողութեան բարենիշ մը ստանալ։

***

Ինչ կը վերաբերի Թրամփի-Թրամփեան մեծխօսիկութիւններուն, ցուցամոլութիւններուն, ինքնահաւանութիւններուն, երբ մամլոյ հանդիպումի մը ընթացքին, ինքզինք ներկայացուց այնպիսի համաշխարհային հերոս մը, փրկարար մը, հաշտարար մը, միջնորդաւոր մը, խաղաղապահ մը, որ չեն ունեցած իր նախորդները, կրկնօրինակները եւ աւետաբերները, քանի ան, այժմ, կը գրաւէ (եղե՜ր) առաջնահերթ դիրք, բոլոր հակադիր կողմերը միացնելու, կնճռոտ հարցեը հարթելու եւ ամէն մէկուն իր իրաւունքը տալու։

Այո՛, «ո՜վ տարք ու բարք», նաեւ «ո՜վ խելք ու պատուհաս», պիտի ըսեն շատեր։

Եթէ այդ բոլոր խնդրայարոյց տագնապներուն «լուծում»ները դրուեցան, «ա լա Պարաք»եան տնօրինումներով եւ ծրագիրներով, իսկ ատոնց համար, Թրամփը ինքզինք կը նկատէ... փրկիչ մը, մտածել պէտք է, թէ ան ո՞ւր յաջողած է, ո՞ւր հերոսացած եւ ո՞ւր առանձնացած։

Իսկ Հայաստան-Ատրպէյճանի հարցով, եթէ ինքզինք կը նկատէ (իրօ՞ք) «ազատարար-մեսիա», ապա, չարաչար կը սխալի, նախ՝ անոր համար, որ այդ տագնապին իսկ ծանօթ չէ, երբ քանիցս կը յայտարարէ՝ «Հայաստան-Քամպոճիա» հակամարտութիւն, նոյնիսկ պահ մը հայութիւնն ալ շփոթեցնելով, թէ արդեօ՞ք Հայաստանը Քամպոճիոյ հետ հարեւանութիւն, թշնամութիւն կամ սահմաններ ունի։

Երկրորդ՝ Թրամփ ինքզինք խաղաղասէրի դերի մէջ կը տեսնէ՞, ապա ինչո՞ւ Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր ոտնձգութիւնները եւ ինչո՞ւ պատանդ կը պահէ, անօրէն, անտեղիօրէն եւ անարդարօրէն, հայ ազգայիններ ու պետական գործիչներ։

Միւս կողմէ, եթէ կը տեսնէ, թէ Պարաքանման... ԿԱՐԱԳապաշտներ չեն կրնար իրենց բանագնացութեանց մէջ յաջողիլ եւ ի վիճակի չեն ճշգրիտ տեղեկագրութիւններ փոխանցելու իրեն, կը նշանակէ թէ՝ հոն լուրջ ձախողութիւններ կան եւ ատոնք չեն կրնար ոչ իրեն, ոչ ալ ամերիկեան վարկանիշին պատիւ բերել։

Աւելին, Ուքրանինոյ տակաւ յամեցող պատերազմը, հետաքրքրական է, ի՞նչ շահոյթ բերաւ Թրամփին, որ խարխափող քաղաքականութեամբ մը դեգերելէ ու շրջագայելէ ետք, յանկարծ ինքզինք գտաւ Ռուսիոյ նախագահ Փութինին... գիրկը եւ, այսօր, այդ մասին խօսող չկայ, բացի Ուքրանիոյ ծաղրածու նախագահէն, որ իր գաճաճութեամբ, ջա ու ձախ դուռ կը թակէ, բայց...ի զուր։

***

Այս թոհուբոհին մէջ, որ ոչ վերջ, ոչ ալ դարման ունի, տարակուսելի է, աշխարհը եւ մարդկութիւնը տեսնել օրինակելի ու խրախուսելի պարունակի մը մէջ, որովհետեւ, ինչպէս յիշեցի, խելակորոյս վիճակ մը կը բոլորեն անոնք, իսկ այդ կացութիւնները, շահագործողներն ու օգտագործողները շա՜տ են, հոգ չէ թէ բոլորը չեն արձանագրեր որոշակի յառաջադիմութիւններ, բայց, անոնք կան ու կը մնան միշտ կանգուն եւ արթուն, իրենց խառնակիչ դերակատարութիւններով ու վտանգաւոր ազդեցութիւններով։

Հոս կու գանք ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ կենսական հիմնահարցի մը, որ առընչուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հետ (ՄԱԿ), որ ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը իր դերակատարութեան եւ առաքելութեան մէջ է, չունի հեղինակութիւն, ազդեցիկութիւն, ուժականութիւն ու խստապահանջութիւն, բացի ըլլալէ մռայլ, տժգոյն համայնապատկեր մը, որ՝ յայտնի չէ, թէ որուն ի նպաստ կը գործէ եւ իր գոյութիւնը ի՞նչ կու տայ աշխարհին։

Այսքա՜ն տագնապ եւ այսքա՜ն խնդիրներ, իսկ ինք մնայուն բացակայ մըն է, անզօր մը, երբ, օրինակի համար, խենթավարի Նաթանիահուի նման մարդասպանական իշխանութեան մը չի կրնար անկիւնաւորել, պատժել կամ զայն փետրաթափ ընելու ուղեգիծ մը որդեգրել։

Զարմանալ թէ ոչ, ի վերջոյ, ՄԱԿի անդամ պետութիւններու մեծամասնութիւնը, կրցաւ խիզախ որոշում մը առնել ու ՃԱՆՉՆԱԼ Պաղեստինեան պետութիւնը։

Անշուշտ, շա՜տ ՈՒՇԱՑԱԾ ճանաչում մը, որուն համար «մեղաւոր»ներ են (օրինակ՝ Ֆրանսան, Անգլիան, Գերմանիան, եւայլն), եւ եթէ ժամանակին առնուէր այդ քայլը, շա՜տ բան կը խնայուէր Պաղեստինին ու պաղեստինցիներուն։

Ստորութիւնը այն է, Իսրայէլը արդէն քայքայած է Պաղեստինը, տեղահանած բնակիչները ու տասնեակ հազարաւոր նահատակներ պարտադրած, իսկ ՆՈՅՆ ՊԱՀՈՒՆ, երբ այդ ճանաչումը կը հռչակուի, Իսրայէլ, անամօթաբար եւ ամբարտաւանօրէն ցեղասպանած է նոր զոհեր ու գաղթականացուցած բազմաթիւ պաղեստինցիներ։

Գերագո՜յն ՄԱԿը, ի՞նչ ունի ըսելիք այս մասին, հրաշալի նուաճո՞ւմ մը արձանագրած է, թերեւս այո, բայց, ո՞վ կ’երաշխաւորէ Պաղեստինեան պետութեան գոյատեւումը ու պաղեստինցիներուն անվտանգութիւնը։

Ճակատային հարցումներ, որոնք կրնան, չարաբաստիկօրէն, անբաղձալի ըլլալ, եթէ ՄԱԿը պիտի մնայ թուլակազմ (ինչպէս միշտ), իսկ Իսրայէլը՝ չարագործ (ինչպէս միշտ)։

Այս է պատճառը, որ Ամերիկան կը կարծէ, թէ Պարաքի «կարագ»ներով կրնայ հանգոյցներ քակել, յետոյ ալ, ինքզինք հռչակել անկրկնելիութեան եզակիութիւն մը, իսկ Մաքրոնական Ֆրանսան, խամաճիկի տխեղծութեամբ լարախաղացի դերի մը մէջ է, մինչ Իսրայէլը, կատարեալ ոչնչութեան եւ անիրաւութեան չպետութիւն մը, իր վայնասունային կերպարով եւ իր ոճրային դիմակով, կը մնայ անգերազանցելի պիղծապիղծ մը։

Հուսկ՝ Լիբանանցիք, պէտք է խորապէս գիտակցին, թէ իրենց միութեամբ ու մէկութեամբ, կրնան դուրս գալ այս մահացու ճահիճէն, եթէ ուզեն միասնաբար... հաւաքականօրէն պաշտպանել իրենց արժանապատուութիւնը, առանց ընկրկելու, անջատուելու ու տարուելու...։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան 

(Պէյրութ)