image

Երբ դասարանի առաստաղը կը փլուզուի... 16-ամեայ պարմանուհին արկածի զոհ (Տեսանիւթ)

Երբ դասարանի առաստաղը կը փլուզուի... 16-ամեայ պարմանուհին արկածի զոհ (Տեսանիւթ)

 Լիբանանի մէջ գրանցուած արկածը   բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած է։ 

  Մանրամասնութիւններուն երթալով Թրիփոլի քաղաքի վարժարաններէն մէկու մէջ դասարանի մը առաստաղը փուլ եկած է, որուն հետեւանքով ալ տեղւոյն վրայ մահացած է 16-ամեայ պարմանուհի մը։

Դասարանին մէջ եղածին հետեւանքով գրանցուած են վիրաւորներ, որոնք փոխադրուած են հիւանդանոց։ 

Կը նշուի, որ զոհուած պարմանուհին կը կոչուի Մակի Մահմուտ, որուն մահը բողոքի ալիք բարձրացուցած է Թրիփոլիի ամբողջ տարածքին։

Այսօրուան պայմաններով Թրիփոլին կը համարուի Լիբանանի ամենաչքաւոր քաղաքներէն մին է, ուր չքաւորութեան պատկերը հասած է մտահոգիչ փուլերու։