Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանագրով Էմին Հուսէյնով նշանակուած է Ղարաբաղի տնտեսական շրջաններուն մէջ (բացառութեամբ Շուշի քաղաքի) նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ։
Թէ ինչ գործառոյթներ պիտի իրականացնէ պաշտօնեան, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն յստակացուցած։ Մինչ այդ Հուսէյնով Ատրպէյճանի նախագահին յատուկ ներկայացուցիչն էր Աղտամի շրջանին մէջ։
Պաշտօնավարման ընթացքին ան յայտարարած է, որ Աղտամը պիտի դառնայ Ատրպէյճանի մեծութեամբ չորրորդ քաղաքը։ Ատրպէյճանցի պաշտօնեան նաեւ հիւրեր կ'ուղեկցէր Աղտամ: Այլ մանրամասներ այդ պաշտօնին մէջ անոր գործունէութեան, իրականացուցած ծրագրերուն վերաբերեալ չեն հաղորդուած: