image

Եմէն հրթիռներ արձակած է Իսրայէլի «Պեն Կուրիոն» օդակայանի ուղղութեամբ

Եմէն հրթիռներ արձակած է Իսրայէլի «Պեն Կուրիոն» օդակայանի ուղղութեամբ

Եմէնի Զինուած ուժերու ներկայացուցիչ Եահեա Սարի յայտնած է վերջին 48 ժամուան ընթացքին Իսրայէլի «Պեն Կուրիոն» օդակայանի վրայ երրորդ հրթիռային յարձակման մասին:

«Մենք կանգ չենք առներ, քանի դեռ Իսրայէլը ռազմական գործողութիւններ կ'իրականացնէ Կազայի մէջ եւ կը սպաննէ պաղեստինցիները»,- IRNA գործակալութեան հաղորդմամբ, նշած է ան։

Նշենք, որ ամերիկեան ուժերն անցեալ շաբթուընէ օդային հարուածներ կը հասցնեն Եմէնին՝ մեղադրելով հուսիները Կարմիր ծովուն մէջ ամերիկեան, իսրայէլեան եւ այլ երկիրներու նաւերն ու ինքնաթիռները հրթիռակոծելու եւ ամբողջ աշխարհի տնտեսութեան միլիառաւոր տոլարներու վնաս հասցնելուն համար: