Եւրոմիութեան պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները համաձայնութեան եկած են ռուսական նաւթի երկու երրորդի ներմուծման արգելքի շուրջ: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը Պրիւքսէլի մէջ, ուր տեղի ունեցած է Ուքրանիոյ հարցով ԵՄ գագաթաժողովը:
«ԵՄ ռուսական նաւթի արտահանումն արգելելու մասին համաձայնագիր: Այն կը ներառէ Ռուսիայն ներածուող նաւթի աւելի քան երկու երրորդը, ինչ որ կը կրճատէ Ռուսիոյ ռազմական մեքենայի ֆինանսաւորման հսկայական աղբիւրը: Առաւելագոյն ճնշում Ռուսիոյ վրայ` պատերազմը դադրեցնելու համար», գրած է ան Թուիթըրով:
Բացի այդ, Եւրոմիութեան երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները համաձայնութեան եկած են Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու վեցերորդ փաթեթի շուրջ, որ կը ներառէ, մասնաւորապէս, «Sberbank»-ի անջատումը միջազգային ֆինանսական հաղորդագրութիւններու SWIFT համակարգէն եւ ԵՄ-ի մէջ Ռուսիոյ երեք պետական լրատուամիջոցի հեռարձակման արգելք, ըսած է Միշէլը:
Ինչպէս Պրիւքսէլի մէջ լրագրողներուն ըսած է Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչը, սա քաղաքական որոշում է, որուն պէտք է հետեւի տեխնիկական ընթացակարգ: