Եւրոմիութիւնը, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը պատրաստակամ են օգնելու Երեւանին եւ Պաքուին` խնդիրներու լուծման հարցին մէջ, այսօր Երեւանի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ, յայտնեց Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը` շեշտելով, որ կողմերը պէտք է փափաքին ընդունիլ այդ օգնութիւնը:
«Միջազգային հանրութեան պէտք են Երեւանը, Պաքուն, ատրպէյճանցիները եւ հայերը, որպէսզի անոնք կամք դրսեւորեն` այդ ուղիով յառաջ երթալու: Մենք գիտենք, որ վէրքը դեռեւս բաց է, կան խնդիրներ` կարգավիճակի հարցը, սահմաններու հարցը, Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը խնդիրներ դեռ առկայ են: Ես տպաւորութիւն ունիմ, որ այժմ կը նշմարուին ճիշդ ուղղութեամբ կատարուող քայլեր, քան անցեալ ամառ», յայտնեց Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը` շարունակելով․ «Մենք կրնանք, որպէս միջազգային հանրութիւն, միայն որոշակի ճանապարհ կտրել: Ես հիմա կը տեսնեմ պատրաստակամութիւնը ճիշդ քայլերու դիմելու: Քաջութիւն կը պահանջուի անոր համար եւ անհրաժեշտ է առաջնորդներուն կողմէ` երկու երկիրներուն մէջ ալ»:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը համաձայնեցաւ, թէ որքան ալ միջազգային հանրութիւնը այդ գործիքակազմը կիրառէ, խրախուսէ կողմերուն գալ համաձայնութեան տարբեր հարցերու մէջ, այնուամենայնիւ կարեւոր է որ բուն կողմերը ունենան այդ քաղաքական կամքը:
«Կարծում եմ, որ Դուք եւ ողջ աշխարհը տեսել է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է եւ իսկապէս ցանկանում է կառուցել խաղաղութիւն տարածաշրջանում եւ լուծել բոլոր կնճռոտ հարցերը: Այստեղ է, որ պիտի ցաւով արձանագրենք, որ մշտապէս հակառակ ուղերձներն ենք ստանում պաշտօնական Պաքուէն», յայտնեց Միրզոյեանը` շեշտելով` հակահայ հռետորաբանութիւնը, յարձակողական քայլերը սահմանին ու մարդասիրական խնդիրները չլուծելը` օրինակ ռազմագերիներու շարունակական առկայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ, չեն նպաստեր, մեղմ ըսած, կառուցողական մթնոլորտի ստեղծման: