image

Եւրոպական Խորհրդարանէն կոչ՝Պաքուին. Թոյլ տալ փաստահաւաք խումբի ուղարկումը

Եւրոպական Խորհրդարանէն  կոչ՝Պաքուին. Թոյլ  տալ  փաստահաւաք խումբի ուղարկումը

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Իրաւական եւ մարդու իրաւունքներու հարցերու յանձնաժողովը յայտարարութիւն տարածած է Լաչինի միջանցքի արգելափակման վերաբերեալ։

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի իրաւական եւ մարդու իրաւունքներու հարցերու յանձնաժողովը մեծապէս անհանգստացած է Լաչինի միջանցքի շարունակական արգելափակման հետեւանքով առաջացող մարդասիրական ճգնաժամով։ Լաչինի միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները Հայաստանին կապող կեանքի ճանապարհն է: Յանձնաժողովը լիովին կը սատարէ խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի վերահսկողութեան գծով համազեկուցողներու 2023 թուականի փետրուար 24-ի յայտարարութիւնը, որ կոչ կ'ընէ «անյապաղ գործողութիւններ ձեռնարկելու» եւ «անյապաղ դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի ոչ իրաւաչափ եւ ապօրինի արգելափակումը»։

Յանձնաժողովը նաեւ կոչ կ'ընէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն անյապաղ կատարելու 2023 թուականի փետրուար 22-ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի եւ 2022 թուականի դեկտեմբեր 21-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կողմէ իրենց ուղղուած միջոցները, որոնց որոշումներուն մէջ նշուած է 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնը՝ Երաշխաւորել Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով շարժող անձանց, փոխադրային միջոցներու եւ բեռներու անվտանգութիւնը (Եռակողմ յայտարարութիւն. յօդուած 6):

Յանձնաժողովը նաեւ վկայակոչած է նոյն հարցով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած այլ միջազգային յայտարարութիւններ՝ այդ շարքին․

– Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան գծով չորս համազեկուցողներու 2022-ի դեկտեմբեր 16-ի համատեղ յայտարարութիւնը, ուր նշուած է, որ «Միջանցքի երկայնքով մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը պէտք է շտապ վերականգնուի։ Մենք կոչ կ'ընենք 2020-ի նոյեմբեր 9-10-ի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերուն անյապաղ ձեռնարկելու անհրաժեշտ միջոցներ», եւ

– Եւրոպական խորհրդարանի 2023-ի յունուար 19-ի բանաձեւը Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքներու վերաբերեալ:

 

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի համազեկուցողները Պաքուին կոչ ըրած են թոյլատրելու փաստահաւաք խումբ ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով՝ Հայաստանի պարտաւորութիւններու մշտադիտարկման առաքելութեան հարցերով համազեկուցողներ Քիմմօ Քիլիւնէ եւ Պորիանա Ապերկ Պաքուին կոչ կ'ընեն թոյլատրելու փաստահաւաք անկախ խումբի այցը Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջան:

Փետրուար 17-19-ին Հայաստան կատարած այցի արդիւնքներու վերաբերեալ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի մշտադիտարկման առաքելութեան կոմիտէին ներկայացուած իրենց զեկոյցին մէջ համազեկուցողները նշած են, որ Լաչինի միջանցքի շարունակուող արգելափակումը շուտով կրնայ մարդասիրական ճգնաժամի յանգեցնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Անոնք ընդգծած են, որ Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը խիստ դժուարացած է, որ անհնար կը դարձնէ առաջին անհրաժեշտութեան որոշ ապրանքներու տեղափոխումը:

Համազեկուցողները, յղում ընելով 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, Ատրպէյճանին կոչ ըրած են թոյլ տալու իրենց անկախ գնահատական տալ իրավիճակին։ «Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ թոյլատրելու անկախ փաստահաւաք կատարողներու այցելութիւնը եւ թոյլատրելու անկախ լրագրողները ազատօրէն գործելու ամբողջ տարածքին մէջ», – ըսուած է Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի համազեկուցողներու զեկոյցին մէջ: