image

ԵԽ-ի արդարադատութեան նախարարները Ուքրանիոյ ի նպաստ որոշում ընդունած են. Հայաստան չէ միացած

ԵԽ-ի արդարադատութեան նախարարները Ուքրանիոյ ի նպաստ որոշում ընդունած են. Հայաստան չէ միացած

Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու արդարադատութեան նախարարները «Ուքրանիոյ մէջ կատարուած միջազգային յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ» խորագիրով համաժողովին հռչակագիր ընդունած են: 

Հռչակագիրին մէջ շեշտուած է. «Մենք՝ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւններու արդարադատութեան նախարարներս, հաւաքուած ենք Լիթուանիոյ Վիլնիւս քաղաքին մէջ՝ Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի Լիթուանիոյ նախագահութեան հովանիի ներքոյ՝ լուծելու արդարադատութեան եւ հաշուետուողականութեան խնդիրները, որոնք կ'առնչուին Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ յարձակողականին»:

Հռչակագիրով նախարարները նախ ողջունած են Ուքրանիոյ կողմէ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման գործընթացը՝ համարելով այդ միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային արդարադատութեան համար կարեւոր առաջընթաց: 

«Մենք վճռականօրէն կ'աջակցինք Միջազգային քրէական դատարանի հետաքննութեան՝ նպատակ ունենալով պատասխանատուութեան ենթարկել Ուքրանիոյ տարածքին մէջ միջազգային յանցագործութիւններու մեղաւորները։ Մենք կոչ կ'ընենք բոլոր պետութիւններուն աջակցելու դատարանին՝ համագործակցելու իր ընթացիկ հետաքննութեան եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցով»,– ըսուած է հռչակագիրին մէջ:

Միւս կէտով անոնք վերահաստատած են Ուքրանիոյ դէմ յանցագործութեան գործով յատուկ ատեանի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, որ ի վիճակի ըլլայ արդարութիւն իրականացնելու՝ պատասխանատուութեան ենթարկելով ամենամեծ պատասխանատուն:

Հրապարակուած է նաեւ անդամ եւ դիտորդ երկիրներու ցանկը, որոնք աջակցած են հռչակագիրին: Անոնց շարքին են, օրինակ, Պելճիքան, Պուլկարիան, Գանատան, Իտալիան, Ճափոնը, Մոլտովան, Սպանիան, Զուիցերիան, Սան Մարինօն եւ այլ երկիրներ: Հայաստան այդ ցանկին  մէջ չկայ: