Եգիպտոսի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան օրերս այցելութիւն տուած է Գանատայի Հայոց Թեմ։
Այս մասին կը կարդանք Եգիպտոսի Թեմի Դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի հրաւէրով Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան մեկնեցաւ Գանատա։
Ուրբաթ, 27 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ մասնակցեցաւ Գանատահայոց Թեմի հոգեւորականաց համագումարին, ապա 27-28 Մայիսի օրերուն Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ գումարուած Թեմական 38-րդ Պատգամաւորական Ժողովին։
Շաբաթ, 28 Մայիս երեկոյեան Գերաշնորհ Աշոտ Սրբազան մասնակցեցաւ նաեւ Լաւալի «Centre Armenie» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած եզրափակիչ ճաշկերոյթին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Ազնուափայլ տիկին Անահիտ Յարութիւնեան։ Հարկ է նշել, որ Գանատայի Ալպերթա նահանգէն երեկոյին ներկայ գտնուած են նաեւ հայկական արմատներ ունեցող Քրի ցեղախումբի ներկայացուցիչներ` հայր եւ որդի Արամ եւ Տիրան Զորդեանները։
Կիրակի, 29 Մայիս Լաւալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ ընթացս Ս. Պատարագի կատարուեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն՝ ձեռամբ Գերաշնորհ Տ․ Աշոտ Սրբազանի։
Իսկ յաջորդ Կիրակի, 5 Յունիս Հոգեգալստեան տօնի օրը Տ․ Աշոտ Սրբազան Թորոնթոյի Ս․ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց, որուն աւարտին մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ «Մ․ Արթինեան» սրահին մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթին, որ նուիրուած էր եգիպտահայ համայնքին։