Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին որոշում կայացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին շնորհել երկրի բարձրագոյն պետական պարգեւը՝ Նեղոսի շքանշանը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին ըսուած է Եգիպտոսի ղեկավարի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
«Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին որոշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին շնորհել Նեղոսի շքանշանը՝ ի նշան երախտագիտութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ հակամարտութիւններու կարգաւորման գործին մէջ ունեցած ներդրումի, այդ շարքին՝ Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի աւարտի գործին մէջ ունեցած դերի», -ըսուած է Սիսիի գրասենեակի դիմատետրեան էջին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։