image

«Եղածը հերթական քաղաքական շոու է».ՀՅԴ Գերագոյն Մարմին

«Եղածը հերթական քաղաքական շոու է».ՀՅԴ Գերագոյն Մարմին

«Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութեան նախագահ Խաչատուր Քոքոբէլեանը երէկ յայտարարած է,  որ իր հօր առեւանգման գործի շրջածիրէն ներս ձերբակալուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ, ԱԺ նախկին պատգամաւոր Սուրէն Մանուկեանը եւ եւս երկու հոգի։

Սուրէն Մանուկեանի փաստաբան Սերկէյ Ոսկանեանը Yerkir.am-ի հետ  զրոյցի ժամանակ փոխանցած է Մանուկեանի խօսքերը, որ կասկածանքները համարած է շինծու։

«Սա հերթական քաղաքական շոուն է, կասկածանքը շինծու է. այն, ինչ ինձ վերագրւում է, բոլորովին կապ չունի ինձ հետ»,֊ նշած է Սուրէն Մանուկեան։

Փաստաբան Սերկէյ Ոսկանեան աւելցուցած է, որ ձերբակալումը եւ կալանաւորումը, եթէ նաեւ տանին կալանքի, պարտադիր պիտի բողոքարկուի դատարան։