image

ԵԱՀԿ-ը հարթակ կ՚առաջարկէ Երեւան-Պաքու երկխօսութեան համար. ԵԱՀԿ գործող նախագահ

ԵԱՀԿ-ը հարթակ կ՚առաջարկէ Երեւան-Պաքու երկխօսութեան համար. ԵԱՀԿ գործող նախագահ

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ղեկավարութիւնը հանդէս եկած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքմանն ուղղուած երկխօսութեան օգտին։ Այս մասին Սքոփիէի մէջ կազմակերպուած արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ժամանակ յայտնած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանին։

«Ղեկավարութիւնը կ՚աջակցի քաղաքական գործընթացի շարունակութեան, որ ուղղուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման»,– նշած է Օսմանին։

Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ–ը Երեւան-Պաքու կառուցողական երկխօսութեան համար հարթակ կ՚առաջարկէ։