Պաքուն կը պնդէ, որ զինուորը մոլորուած էր, սակայն հիմքեր կան ենթադրելու, որ զինուորը Արցախի տարածք եկած էր այլ նպատակներով, կը հաղորդէ VarGonzo-ն:
Մասնաւորապէս, ըստ աղբիւրներու, զինծառայողի մօտ հեռախօս եղած է, որուն մէջ մեծ թիւով լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր յայտնաբերուած են, որոնք ցոյց կու տան ռուսական խաղաղապահ ուժերու տարբեր կառոյցներու գտնուելու վայրը եւ ռուսական տեխնիկայի տեղաշարժը:
Բացի այդ, ճիշդ մէկ օր առաջ, ըստ VarGonzo-ի լրագրողներուն, Լիսագորի տարածքին մէջ եւս մէկ այլ «վշտեցնող միջադէպ» տեղի ունեցած էր ատրպէյճանցիի մասնակցութեամբ, որու մանրամասները չեն հաղորդուիր:
Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ ատրպէյճանցի պատգամաւորի յայտարարութիւնը Արցախի մասին, Գորիս-Կապան ճանապարհի փակումը, Մարտակերտի մէջ զինծառայողի հետ միջադէպը եւ Լիսագորի շրջանին մէջ իրավիճակը Արցախի նկատմամբ Պաքուի ռազմավարութեան մէկ մասն է` տարածաշրջանին մէջ կայունութեան խաթարման համար»,- գրած է VarGonzo-ն իր թելեկրամ ալիքին մէջ: