Հայաստանի մէջ կը հրատարակուի Գառնիկ Բանեանի «Յիշողութիւններ մանկութենէն եւ որբութենէն. Ցեղասպանութիւնը վերապրած տղու մը պատմութիւնը» գիրքը:
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ «Սփութնիք Արմենիա» ծառայութիւնէն։
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը՝
Հայաստանի մէջ հայերէն լեզուով պիտի հրատարակուի Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ երեխաներու թրքական որբանոցը վերապրած Գառնիկ Բանեանի «Յիշողութիւններ մանկութենէն եւ որբութենէն. Ցեղասպանութիւնը վերապրած տղու մը պատմութիւնը» գիրքը: Սկիզբէն հեղինակը գրած էր հայերէնով, որմէ ետք գիրքը թարգմանուած էր անգլերէնի եւ հրատարակուած էր ԱՄՆ-ու մէջ 2015 թուականին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով:
Այս տարուայ 22 Ապրիլին՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի հերթական տարելիցի նախաշեմին, Մոսկուայի մէջ ներկայացուած է գիրքին ռուսերէն թարգմանութիւնը։ Օգոստոսին կը նախատեսուի գիրքը Երեւանի մէջ վերահրատարակել հայերէնով։
Ցեղասպանութեան ժամանակ օսմանեան իշխանութիւնները հայ որբերուն բռնի թրքացնելու նպատակով մի քանի որբանոց ստեղծած էին` օգտագործելով սովն ու բռնութիւնը որպէս ճնշման գործիքներ։ Լիբանանի այդ որբանոցներէն մէկուն մէջ աւելի քան հազար երեխայ եղած է։
Չնայած պայմաններուն՝ անոնցմէ գրեթէ ոչ ոք իսլամացած է։
Այս գիրքը կարդալէ ետք ընթերցողը կը հասկնայ, որ գիրքը միայն տառապանքի մասին չէ, այլ կամքի ուժի մասին է։ 5-10 տարեկան երեխաները կը պայքարէին, անօթի կը մնային, կը մեռնէին, բայց չէին հրաժարեր իրենց հաւատքէն եւ այս մեր ժողովուրդի ոգիին անհաւանական ամրութեան բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է:
Գործարար Արթուր Սողոմոնեանի աջակցությամբ կ'իրականանայ այս գիրքի վերահրատարակումը։ Նախագիծին կը մասնակցին նաեւ «Ժառանգութիւն եւ առաջընթաց» բարեգործական հիմնադրամը, որու հիմնադիրներէն է Սողոմոնեան:
«Ժառանգութիւն եւ առաջընթաց» հիմնադրամը «Անիւ» հայագիտական նախաձեռնութիւններու հիմնադրամին հետ կը հրապարակէ «Մենք» գրքաշարերը նշանաւոր հայերու մասին, ինչպէս նաեւ «Կամք»-ը՝ Հայաստանի պատմութեան մասին: Այս շարքէն նախապէս գիրքեր հրատարակուած են ականաւոր ռազմական առաջնորդներու եւ երգահաններու մասին:
Ներկայիս հիմնադրամը կը զբաղի նաեւ հին Հայաստանի թագաւորներու մասին վաւերագրական ֆիլմերու ստեղծմամբ: Առաջին ֆիլմը նուիրուած է Արտավազդ 2-րդ
թագաւորին, որ կը պաշտպանէր Հայաստանի անկախութիւնը Հռոմէական կայսրութենէն: Յաջորդ ֆիլմը, որ աւարտելու է շուտով, կը պատմէ Տիգրան Մեծի մասին եւ կը ներկայացուի հանրութեան Օգոստոսին կամ Սեպտեմբերին:
Արդէն Արտավազդ թագաւորի մասին ֆիլմը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց եւ կը շարունակուի ցուցադրուիլ շարժապատկերներու սրահներուն մէջ, եւ մենք կը պատրաստուինք հերթական ցուցադրութեան նաեւ Կապանի մէջ։ Այս ամէնը պարզապէս պատմութիւն չէ։ Ուսումնասիրելով՝ մենք աւելի լաւ կը հասկնանք ազգային բնաւորութեան նշանակութիւնը եւ նաեւ թէ մենք որքան քիչ կ'օգտագործենք անոր ներուժը:
Հիմնադրամի աշխատանքի առանձին ուղղութիւն են ճանաչողական ֆիլմերը քիչ յայտնի են հայ քրիստոնէական գործիչներու մասին, որոնց ժառանգութիւնը յաճախ շուքի տակ կը մնայ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ: Անոնց շարքին է Սուրբ Սերվատիուսը, որ 4-րդ դարուն մկրտած է այն տարածաշրջաններու բնակիչները, ուր կը գտնուին ժամանակակից Նիտերլանտը եւ Պելճիքիան, ինչպես նաեւ Սուրբ Վլասիոսը, որ յարգուած է ամբողջ քրիստոնէական աշխարհին մէջ:
Հայեր կարեւոր դեր խաղցած են քրիստոնէութեան տարածման, այնպիսի երկիրներու մէջ ինչպէս՝ Փարակուէյ, Սինկափուր, Չինաստան։ Որքան ալ զարմանալի է, որ մեծ մասը այս տեղեկութիւններուն մենք ծանօթ չենք եւ չենք պահած մեր յիշողութեան մէջ:
Յիշեցնենք` 1915 թուականին տեղի ունեցած ոճրագործութիւնը, որու հետեւանքով Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի քան 1.5 միլիոն հայ սպաննուած է, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը կը համարուի։
Լուրը ՝ «Սփութնիք Արմենիա»էն