Օրերս ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան այցելած է ԱՄՆ-ի, Թէքսաս նահանգի, Հիւսթոն քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, եւ այդ առթիւ կատարած է գրառում մը կատարած է դիմատետրեան իր էջին, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Կը ներկայացնենք քանի մը լուսանկար՝ Թէքսաս նահանգի, Հիւսթոն քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցուոյ անցած շաբաթավերջի տօնակատարութենէն:
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տէր Մարտիրոսին, Ծխական խորհուրդին եւ բոլոր օժանդակ կազմակերպութիւններուն։ Ձեր առաջնորդութիւնը փարոսն է, որ կ՚ուղղորդէ այս Ծուխը, եւ ձեր նուիրուածութիւնը հիմքն է, որ կ՚ամրացնէ զայն:
Իսկ Հայ Վարժարանի աշակերտներուն ու Սուրբ Գէորգի հաւատացեալ ընտանիքին կ՚ըսեմ, թէ ձեր ջերմութիւնն ու հիւրընկալութիւնը զիս գրաւեցին այնպիսի սիրով, որ շատ բան կը խօսի ձեր հաւատքին մասին: Ձեզի հետ ըլլալը, ձեզի հետ աղօթելն ու պատարագ մատուցելը եւ ձեր հոգեւոր ընտանիքին ջերմ ընդունելութիւնը զգալը պատիւ եւ օրհնութիւն էր ինծի համար:
Թող Աստուծոյ շնորհքը շարունակէ սնուցանել եւ պահպանել այս հրաշալի համայնքը եւ բոլոր անոնց, որոնք վայելած են անոր բարիքները: