image

Ձայնագրութեան գործով աւելի քան 8 հոգեւորականներ կանչուած են հարցաքննութեան․ փաստաբան

Ձայնագրութեան գործով աւելի քան 8 հոգեւորականներ կանչուած են հարցաքննութեան․ փաստաբան

Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եւ Արագածոտնի թեմէն աւելի քան 8 հոգեւորական կանչուած են ՀՀ քննչական կոմիտէ։ «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին տեղեկութիւնը յայտնած է փաստաբան Արա Զոհրաբեանը։

Անոր խօսքով՝ անոնց Քննչական Կոմիտէ կանչած են Նաթան սրբազանին առնչուող ձայնագրութեան հետ կապուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։

«Այս պահին նրանք վկայի կարգավիճակով են»,- յայտնած է Զոհրաբեանը։

Փաստաբանը նշած է՝ քննչական կոմիտէ կանչուած են ոչ միայն քահանաներ, այլեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Ըստ անոր՝ հոգեւորականները Քննչական Կոմիտէ պէտք է ներկայանան այսօր եւ վաղը։

Յիշեցնենք` հոկտեմբերին իշխանական լրատուամիջոցները 2023 թուականին եղած ձայնագրութիւն տարածեցին, որուն մէջ Գարեգին Երկրորդի նախկին գաւազանակիր Աղան աբեղայ Երնջակեանը Մայր աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի հետ զրոյցին կը դժգոհի, որ կաթողիկոսը կը ստիպէ մասնակցիլ հակաիշխանական ցոյցերու:

Հոկտեմբեր 17-ին յայտնի դարձաւ, որ աղմկայարոյց ձայնագրութեան հիմքով քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։