Ուքրանական ռատայի պատգամաւոր Կէօ Լերոսը խորհրդարանին մէջ ելոյթի ժամանակ անպարկեշտ շարժուձեւ ցոյց տուած է նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիին։ Այս գործողութիւնները պիտի գնահատուին կարգաւորող յանձնաժողովի կողմէ։
«Բարեւ, պարոն նախագահ, կը տեսնեմ, որ Ձեր Երմաքը նոյնպէս այստեղ է, կ'ուզեմ Ձեզի ըսել, որ ես չեմ վախնար ճշմարտութիւնը ըսելէ, Դուք կրնաք իրաւապահ մարմինները լարել իմ դէմս, բայց ես չեմ վախնար ճշմարտութիւնը ըսելէ... Դուք երկրի գլխապոր դապաճանն էք», ըսած է Լերոսը:
Անկէ յետոյ խորհրդարանի խօսնակ Ռուսլան Սթեֆանչուքը խնդրած է անջատել Լերոսի խօսափողը։ Ան, հեռանալով ամպիոնէն, Զելենսքիին ցոյց տուած է միջնեմատը։
Նշենք, որ հայազգի պատգամաւորին հայրական ազգանունը Կիւրեղեան է, սակայն ան կը կրէ մօր ազգանունը: