image

Դոկտ. Նորա Արիսեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց նախարար Արարատ Միրզոյեանին

Դոկտ. Նորա Արիսեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց նախարար Արարատ Միրզոյեանին

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեան 2 Յունիսին իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին։

Նախարար Միրզոյեան շնորհաւորած է Նորա Արիսեանը եւ վստահութիւն յայտնած է, որ ան իր դիւանագիտական գործունէութիւնը պիտի ծառայեցնէ հայ-սուրիական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման ու փոխշահաւէտ գործակցութեան ընդլայնումին։

Զրուցակիցները մեծապէս արժեւորած են փոխադարձ համակրանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած երկու ժողովուրդներու աւանդական, բարեկամական կապերը։ Այս առումով ընդգծուած է սուրիահայ համայնքին ունեցած դերը:

Ընդգծելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի ու Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը՝ կողմերը անդրադարձ կատարած են երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով հայ-սուրիական համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն։