Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը 16 դեկտեմբերին Ամանորի եւ Ծննդեան տօներու կապակցութեամբ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն, աշխատակազմին պետական ծառայողներուն եւ աշխատակազմի շարք մը աշխատողներուն միանուագ դրամական պարգեւատրմամբ` ամսական պաշտօնային դրոյքի 100%-ի չափով խրախուսելու մասին որոշում ստորագրած է։
Ըստ որոշման յաւելուածի՝ 100 տոկոսով պարգեւատրուած են Արարատ Միրզոյեանը, Վահէ Էնֆիաճեանը, Լենա Նազարեանը, Ալեն Սիմոնեանը, ԱԺ պատգամաւորները, փորձագէտները, ԱԺ մշտական յանձնաժողովի անդամները։
Ազգային ժողովի պատգամաւորի աշխատավարձը կը կազմէ 661 հազար 400 դրամ, իսկ Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավարինը՝ 793 հազար 680 դրամ: