«Դիմադրութեան» շարժումը Ֆրանսայի հրապարակէն 4 ուղղութիւններով երթ կ'իրականացնէ:
Նախօրէին ԱԺ փոխխօսնակ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը յայտարարած էր, որ Մայիս 6-ին անհնազանդութեան գործողութիւնները կը սկսին ժամը 12-ին: Ֆրանսայի հրապարակէն չորս ուղղութիւններով անդամալուծելու ամբողջ Երեւանի երթեւեկութիւնը:
«Հասել ենք մեր ծրագրի աւարտական փուլին, մեր մնացած հայրենակիցներին եւս աւելացնում ենք, ողջ իրադրութիւնը լիարժէք վերցնում ենք մեր տրամադրութեան տակ եւ հեռացնում ենք այս չարիքի կառավարութեանը», յայտարարած էր ան: