image

Դիլիջանի մէջ. Փաշինեան-Ղարիպաշվիլի հանդիպում

Դիլիջանի  մէջ. Փաշինեան-Ղարիպաշվիլի հանդիպում

Վրաստանի վարչապետ՝ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի աշխատանքային այցով ժամանած է Հայաստան: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի հանդիպումը տեղի ունեցած է Դիլիջան քաղաքը:

Երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները նշած են, որ բարձրաստիճան յաճախակի շփումները կը վկայեն հայ-վրացական յարաբերութիւններու յարաշարժ զարգացման եւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակի մասին:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգային հարցերն ու հեռանկարները: Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային իրավիճակի եւ զարգացումներու շուրջ:

Կողմերը վերահաստատած են բարեկամական կապերը հետեւողականօրէն խորացնելու պատրաստակամութիւնը եւ պայմանաւորուած շարունակել գործուն երկխօսութիւնը: