image

Դեսպան Խազէն այցելած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին

Դեսպան Խազէն այցելած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա.  Վեհափառին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ  Արամ  Ա. Կաթողիկոսի  դիմատետրի  պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Էլ Խազէն: Դեսպանը Նորին Սրբութեան պարզեց Վատիկանի կատարած աշխատանքները Լիբանանի գծով, յատկապէս 1 Յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ կայացած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք:

Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած շարք մը հարցեր:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար քարտինալ Գալակար պիտի այցելէ Լիբանան: