Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, որ անոր յանձնեց Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի նամակը, որ կ՛անդրադառնար Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն եւ դեսպան Աթաբէկեան քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցեր: