image
Հրատապ լուրեր:

ԱԺ նախագահը ընդունած է Վլատիմիր Վարդանեանի հրաժարականի դիմումը

ԱԺ նախագահը ընդունած է Վլատիմիր Վարդանեանի հրաժարականի դիմումը

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածի 1-ին մասի համաձայն` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վլատիմիր Վարդանեանը  2026 թուականի մարտ 19-ին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է: Այս մասին կը տեղեկանանք Ազգային Ժողովի կայքէն։

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի համաձայն` եթէ հրաժարականի հրապարակումէն ետք՝ մէկ շաբթուան ընթացքին, պատգամաւորը գրաւոր դիմումով ետ կը վերցնէ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա Ազգային ժողովի նախագահն այդ մասին հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ, եթէ ետ չի վերցներ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա անոր լիազօրութիւններու դադարման մասին կը կազմուի արձանագրութիւն, որ կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի նախագահը:

Արձանագրութեան հրապարակման պահէն հրաժարականը կը համարուի ընդունուած:

Նշենք, որ Վարդանեանը ՀՀ նախագահի կողմէ առաջադրուած է որպէս Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու։