Դամասկոսի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան մահացած է Տիրամայր՝ Նուարդ Անտոնեան-Նալպանտեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն։
Նշենք, որ հանգուցեալը մայրն էր Դամասկոսի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեանի։
Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուած են Ուրբաթ օր Դամասկոսի Պապ Շարքի շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս մեր թերթի բարեկամներ՝ Տ. Արմաշ Սրբազանին եւ լիբանանահայ ազգային գործիչներ՝ Տէր եւ Տիկին Ալեքսան եւ Սիլվա Քէօշկէրեաններուն։