image
Հրատապ լուրեր:

Ցոյցերը չեն շեղեր, որ Թեհրանի մէջ վերյիշեն Խամենէի խօսքերը Արցախի հայերու մասին

Ցոյցերը չեն շեղեր, որ Թեհրանի մէջ վերյիշեն Խամենէի խօսքերը Արցախի հայերու մասին

Տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը այնպիսին է, որ ամէն ինչ կրնայ ըլլալ՝ հակառակ անցեալ շաբթուայ գործընթացներուն, այդ շարքին՝ Փրակի հանդիպման։ Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Իրանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանը։

Ան վստահեցուցած է, որ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին Իրանի ուշադրութիւնը Հարաւային Կովկասի, յատկապէս Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներու նկատմամբ միայն կ'ամրապնդուի, հետեւաբար, ինչպիսին ալ ըլլան ներքին խնդիրները Իրանի մէջ,  հնարաւոր չէ շեղել ուշադրութիւնը տարածաշրջանէն։

«Հայաստանի խորհրդարանի Հայաստան-Իրան բարեկամութեան խումբը վերջերս այցելեց ԻԻՀ, հանդիպումներ տեղի ունեցան անվտանգութեան եւ միջազգային յարաբերութիւնների յանձնաժողովի փոխնախագահի հետ։

Երէկ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Թեհրանն ուշադիր հետեւում է գործընթացներին եւ չի հանդուրժի ու թոյլ չի տայ սահմանային ու աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ տարածաշրջանում։ Այս ազդանշանն ուղարկուեց եւ՛ Ատրպէյճանին, եւ՛ Թուրքիային։

Իմ տեղեկութիւններով, որոնք գալիս են խորհրդարանից եւ այլ տեղերից, Իրանում բողոքի ցոյցերը գնալով մարում են։ Իշխանութիւններին յաջողւում է վերահսկողութեան տակ առնել իրավիճակը այն քաղաքներում, որտեղ դրանք տեղի են ունենում»,- աւելցուցած է պատգամաւորը։

Ան յիշեցուցած է, որ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին չորս կէտէ բաղկացած յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր։

«Կէտերից մէկը վերաբերում էր Ղարաբաղի հայերի անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութեանը։ Իրանի քաղաքականութիւնն այս ուղղութեամբ չի փոխուել։

Վերջերս խորհրդարանում յայտարարուել է, որ Իրանը չի ընդունում որեւէ այլ փոփոխութիւն, բացի նրանցից, որոնք նշուած են 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ, յատկապէս՝ ոչ տարածաշրջանային ուժերի ներկայութիւնը: Սա չի բխում Իրանի շահերից»,- արձանագրած է Բեգլարեան։

Հարկ է յիշել նաեւ այս տարուան յուլիսին Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի առաջնորդներու հանդիպումը, որու ժամանակ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին յայտարարած էր Թեհրանի զգայունութեան եւ «կարմիր գիծերու» մասին՝ Հայաստանին եւ Իրանի ու Հայաստանի միջեւ սահմաններու փոփոխութեան անընդունելիութեան վերաբերող հարցերուն։