image

«Ցնորամտութիւն է». Սերժ Սարգսեանի գրասենեակն արձագանգած է ՀՀ վարչապետի ըսածներուն

«Ցնորամտութիւն է». Սերժ Սարգսեանի գրասենեակն արձագանգած է ՀՀ վարչապետի ըսածներուն

ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակն արձագանգած է 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած քննիչ յանձնաժողովի նիստին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 20 յունիսի յայտարարութիւններուն։

Փաշինեանը յայտարարած էր, որ նախկինները բանակցելով, Ատրպէյճանին ժամանակ տուած էին պատրաստուելու «լաւագոյն պատերազմի»։

Սարգսեանի գրասենեակը Փաշինեանի հնչեցուցած արտայայտութիւնները ցնորամտութիւն անուանած է։

«ՀՀ վարչապետի աթոռը զբաղեցնող կապիտուլյանտի երէկուայ ընթերցանութիւնը ՀՀ Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովում աւելի շուտ յիշեցնում էր սեփական պետութեանն ու ժողովրդին դաւաճանելու մէջ մեղադրուողի պաշտպանական ճառի փորձարկում: Հայրենավաճառութեան մէջ մեղադրուողի յուսահատ ջանքերը ոչ մի քննութեան չեն դիմանում»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նաեւ նշուած է, որ Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը պետականակործան է, ու այդ արդարացնելու նպատակով փաստերը միտումնաւոր եւ ակնյայտ կը խեղաթիւրուին, ինչը աւելի կը ծանրացնէ յանցանքը: