image
Հրատապ լուրեր:

Չմեղադրենք Ամերիկան, որ Իր Խօսքերը Կը Մոռնայ Եւ Մեր Արիւնը Կը Ծախէ. Շահան Նաթալի

Չմեղադրենք Ամերիկան, որ Իր Խօսքերը Կը Մոռնայ Եւ Մեր Արիւնը Կը Ծախէ. Շահան Նաթալի

Չմեղադրենք Ամերիկան, որ իր խօսքերը կը մոռնայ եւ մեր արիւնը կը ծախէ: Եթէ 1.500.000  հայութիւն չապացուց, թէ ինք ծախու ապրանք չէ, մեղաւոր չէ ծախողը:Ապա եթէ հաշուենք աշխարհի ամէն անկիւններուն մէջ մեր անիմաստօրէն թափած ճիգերը, որոնց բոլորին մէջ արժէք մը կրնայինք դնել հայերս, հաւատացէք, որ միայն նիւթական գումարով կրնայինք Հայաստան մը գնել:Եթէ ճանչնայինք մեր մահուան  մեծութիւնը եւ հոգեվարքին ահաւորութիւնը, այլեւս քիչ պիտի խօսէինք օտարներու պատասխանատուութիւններուն վրայ եւ մեր խօսքը պիտի ըլլար գործ:Թո՛ղ անգամ մըն ալ Հայն ըլլար ոճրագործ, թո՛ղ անգամ մըն ալ Հայն ըլլար բարբարոս ու գազան: Ինչո՞ւ դեռ չկրցանք հասկնալ, որ ոճրագործն ու գազանը բօշայէն աւելի կ’արժեն: Անոնց արիւնը ո՛չ միայն ծախու չեն հանուիր, այլ անոնց հետ յարգանքով կը վարուին:Կամ սուտ են ու կեղծ մեր լացն ու կոծը մեր կացութեան առջեւ կամ չենք ըմբռներ զայն իսկապէս: Այլապէս, Հայը, այսօր մանաւանդ, աշխարհի ժողովուրդներուն մէջ առաջինը պիտի ըլլար յանդուգն: Ո՛վ որ ոչինչ ունի կորսնցնելիք, ոչինչ ունի վախնալիք:Եւ հայը ոչինչ ունի կորսնցնելիք: Բայց ամէնէն վախկոտն  է դժբախտաբար:Քանի այսպէս է, լանք թէ ողբանք, Փերու ալ պիտի երթանք եւ դեռ աւելի հեռուն ալ, որովհետեւ ատոր միայն արժանի ենք, ատոր միայն արժեցուցինք ինքզինքնիս:

Շահան Նաթալի

«Թուրքերը Եւ Մենք» (Հատուած)