image

Չինաստանը իրական սպառնալիք Անգլիոյ համար. Վարչապետ Սթարմըր

Չինաստանը իրական սպառնալիք  Անգլիոյ համար. Վարչապետ Սթարմըր

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր Չինաստանն անուանած է Մեծն Բրիտանիոյ ազգային անվտանգութեան սպառնալիք, բայց կողմ արտայայտուած է Փեքինի հետ համագործակցութեան, հաղորդած է Reuters։

«Այո՛, այս երկիր մըն է, որ իրական սպառնալիք կը ներկայացնէ Միացեալ Թագաւորութեան ազգային անվտանգութեան համար»,- պնդած է բրիտանական կառավարութեան ղեկավարը Լոնտոն Սիթիի լորտ-քաղաքապետին կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող աւանդական ճաշկերոյթին ժամանակ։

Միեւնոյն ժամանակ, Սթարմըր քննադատած է Լոնտոնի եւ Փեքինի միջեւ ամուր յարաբերութիւններու բացակայութիւնը։

«Ժամանակն է լուրջ մօտեցման, մերժելու «Ոսկէ դար» կամ «Սառէ դար» պարզունակ երկուական ընտրութիւնը եւ ընդունելու այն ակնյայտ փաստը, որ հնարաւոր է աշխատիլ եւ առեւտուր ընել երկրին հետ», - ըսած է Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետը։