image
Հրատապ լուրեր:

«Չենք ունենար խաղաղութիւն, եթէ Սահմանադրութեան մէջ լինի ԼՂ-ն Հայաստանին վերամիաւորելու մասին որոշում». Փաշինեան

«Չենք ունենար խաղաղութիւն, եթէ Սահմանադրութեան մէջ լինի ԼՂ-ն Հայաստանին վերամիաւորելու մասին որոշում». Փաշինեան

Վարչապետ Փաշինեանը «Հանրային ռատիօ»ին տուած հարզացրոյցին մէջ անդրադարձած է ՀՀ ազգային օրհներգը փոխելու անհրաժեշտութեան:

«Մեր հիմնը ամենակարեւոր տեքստն է, որը մենք կարող ենք եւ պէտք է ունենանք։ Մեր հիմնի մէջ կայ թշնամի բառը։

Ի՞նչ է նշանակում, որ թշնամու ընկալումը մեր աշխարհընկալման կարեւոր մասն է։ Ինչ անում, չենք անում, մեր թշնամին միշտ ներկայ է»,- նշած է Փաշինեան։ 

Բացի այդ, Փաշինեանն արձանագրած է, որ Ատրպէյճանի մէջ ձեւաւորուող գիտակցութեան 90 տոկոսը կը լրացնեն հայերը:

Փաշինեանի՝ համոզմամբ՝ Հայաստանը կ՚ազդէ ատրպէյճանցիներու ընկալումներու վրայ։ Ան առաջարկած է մեր հարեւաններու տեսանկիւնէն նայիլ այն հարցին, թէ ինչ կը նշանակէ «Անկախութեան հռչակագրին» մէջ արձանագրուած պատմական արդարութեան վերականգնումը։

«Ինչպէ՞ս է մեր միջավայրը ընկալում մեր ուղերձները։ Մենք անընդհատ ասում ենք՝ Ադրբեջանը, Թուրքիան ինչպէս են ընկալում, իսկ Վրաստա՞նը։ Հարց չենք տալիս, թէ ինչու Վրաստանը պաշտպանական ոլորտում խորը յարաբերութիւններ ունի Ադրբեջանի եւ Թուրքիայի հետ, բայց ոչ Հայաստանի»,-ըսած է կառավարութեան ղեկավարը:

Ըստ Փաշինեանի՝  երբեք խաղաղութիւն չենք ունենար, եթէ Անկախութեան հռչակագրին մէջ ԼՂ-ի եւ ՀՀ-ի վերամիաւորման որոշում ըլլայ: