image
Հրատապ լուրեր:

«Չենք պատրաստւում մրցավազքի մէջ մտնել Ատրպէյճանի հետ». Նախարար Պապիկեան

«Չենք պատրաստւում մրցավազքի մէջ մտնել Ատրպէյճանի հետ».  Նախարար Պապիկեան

Ես չեմ պատրաստուիր որեւէ երկրի հետ, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի հետ, մրցավազքի մէջ մտնել, սա մեր կառավարութեան դիրքորոշումն է, բայց այդ չի նշանակեր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի դադրեցնէ սպառազինութեան, ռազմական սարքաւորումներու գնումը, բանակի արդիականացումը:  Այս մասին անցնող տարին ամփոփող ասուլիսի ժամանակ յայտնած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը։

Անդրադառնալով այն քննադատութիւններուն, թէ ՀՀ-ի մէջ ժամկէտային զինծառայութեան կրճատումը կը փաստէ իշխանութիւններու իրականութենէն կտրուած ըլլալու մասին՝ քանի որ զուգահեռ իրականութեան մէջ Ատրպէյճանը կը սպառազինուի ու կ՚աւելցնէ իր անձնակազմը, Պապիկեանը նշած է, որ ժամկէտային զինծառայութեան կրճատումը չի նշանակեր, որ կը կրճատուի բանակը. «Ժամկէտային զինծառայութեան կրճատումը չի նշանակում, որ մենք կրճատում ենք բանակը: Բանակի համալրումը շարունակուելու է պայմանագրային սկզբունքով: Սա նրա մասին է, որ մենք մեր բանակը հետեւողականօրէն դարձնելու ենք պրոֆեսիոնալ»: