image

Ցաւալի աւարտով արկած Կոտայքի մարզէն ներս. Զոհուած են 2 զինուորներ

Ցաւալի աւարտով արկած Կոտայքի մարզէն ներս. Զոհուած են 2 զինուորներ

Ցաւալի աւարտով արկած մը գրանցուած է  Կոտայքի Արամուս գիւղին մէջ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ «Շամշեան» կայքէն։

 

 Մանրամասնութիւններուն մէջ անյայտ մակնիշի եւ համարանիշի ինքնաշարժ մը  հարուածած է վեց անձերու ու ապա փախուստի դիմած։

 

   Աւելի ու  յայտնի դարձած է, որ արկածի  ենթարկուածները  ՀՀ  Բանակի զինուորներ են ու անոնցմէ երկուքը տեղւոյն վրայ   մահացած են։

 

 Դէպքի վայր հասած են   ԱԻՆ- փրկարարական  մարմիններ եւ վիրաւորները  արագօրէն փոխադրած են հիւանդանոց։

 

 Եղածին  շուրջ բացուած է քննութիւն։